2013-09-16 12:14:19

''Խոնարհութիւնն Ու Սէրը Կառավարիչներու Հիմնական Յատկանիշներ Են'' ` Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։


Երկուշաբթի 16 սեպտեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանդա Մարդայի մէջ մատուցած Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց թէ ''խոնարհութիւնն ու սէրը կառավարիչներու հիմնական յատկանիշներ են, մինչ քաղաքացիները, յատկապէս եթէ կաթողիկէ են, չեն կրանար անտարբեր ըլլալ քաղաքականութեան հանդէպ։
Սրբազան Հայրը հուսկ աւելցուց` ''Ով որ կը կառաւարէ պէտք է սիրէ իր ժողովուրդը որովհետեւ կառավարիչ մը որ չի սիրեր չի կրնար կառավարել, կրնայ միայն օրէնքներ պարտադրել բայց կարող չէ կառավարել։ Ան ապա անդրադարձաւ Դաւիթ մարգարէին ու անոր սիրոյն հանդէպ իր ժողովուրդին, մինչեւ այն աստիճան որ մեղքի պարագային հայցեց Տիրոջմէ որ զինք պատճէ եւ խնայէ իր ժողովուրդը։
Քահանայապետը ապա հրաւիրեց կաթողիկէները գործօն կերպով մասանկցելու քաղաքական կեանքին ու աղօթելու կառավարիչներուն համար, որպէսզի կարենան լաւ կառավարել ու մեր երկիրները առաջնորդեն դէպի յառաջ խաղաղութեան եւ հասարակաց բարիքին համար գործելով։







All the contents on this site are copyrighted ©.